2017-04-08 09:58:00

Ծաղկազարդը, Քրիստոսի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակ - Մանուկներու օրհնութեան օր


Ծաղկազարդը` մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի` Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին այս տարի պիտի տօնէ Ապրիլ 9-ին: Տօնը տարիներ առաջ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ նաեւ հռչակուած է իբրեւ մանուկներու օրհնութեան օր: Այս մասին կը հաղորդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգը:

Այս առիթով հայոց բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին պիտի կատարուի մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուին հետեւեալ արարողութիւնները`

Առաւօտեան ժամը` 10:00-ին, Մայր Տաճարի շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան յատուկ կարգ,

Ս. Պատարագի աւարտին` ժամը` 13:00-ին, պիտի կատարուի մանուկներու օրհնութիւն:

Այս տարի Մայր Աթոռի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ Սուրբ Էջմիածինը պիտի հիւրընկալէ նաեւ Հրազդանի Երեխաներու աջակցութեան հիմնադրամի ցերեկային կեդրոնի հաշմանդամութիւն ունեցող շուրջ 150 երեխաներ: Օրհնութեան կարգէն ետք ցերեկային կեդրոնի սաներուն համար պիտի կազմակերպուի ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մանուկներուն նուէրներ պիտի բաշխէ տօնին առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.